Գիրք մը իր որ ուրոյն տեղը ունի արդի հայ գրականութեան մէջ: Քիչ մը կատակով քիչ մը իրականութեամբ, քիչ մըն ալ սեւ զուարթախոհութեամբ (պլաք հիւմըր) Վահէ կը փորձէ ընկալել հայու մը փորձառութիւնը Ամերիկայի մէջ, իր կապուած մնալը Միջին Արեւելքին, միւս կողմէն ալ մաս կազմել Հայաստանի Հանրապետութեան նոր անկախութեան: Երեք ուրուագիծեր որոնց շուրջ կը դառնայ վէպը: Հեղինակը նաեւ կը փորձէ որոշ գրական հմտութիւն մը ձուձաբերել, ետ-առաջ ընելով, ֆլէշպէքեր ստեղծելով, լեզուական խաղերով, եւ իրական-ոչ-իրականի պատկերներ ստեղծելով: Քանի որ շատ չկան նման վէպեր, դժուար պիտի ըլլայ համեմատել: Բայց եթէ իր գործերը դնենք Իշխան Ճինպաշեանի գործին՝ «Արխիւ Հասնումի»-ի կողքին, կրնանք ըսել որ իննսունականներու ամերիկահայ գրականութիւն մը գոյութիւն ունի, մի քանի վէպի շուրջ, որ Պէյրութէն Լոս Անճըլըս տեղափոխուած պատկերներու գրականութիւնն է: Սակայն ցաւ ի սիրտ, կարծես թէ այս ընթացքը կանգ առած ըլլայ (նշեալ երկու հիղինակները այլեւս չեն գրէր վէպ), եւ տեղի տուած ըլլայ անգլերէնով գրող սերունդի մը, որ յստակօրէն շատ աւելի լայն բեմ ունի, եւ անշուշտ աւելի մեծ շուկայ՝ թուենք անունները Վիգէն Պէրպէրեանի, Արթիւր Նէրսէսեանի, Քրիս Պոհչալեանի, եւայլն: