վիպագիրը առաջին անգամ ըլլալով կ’այցելէր Սովետական Հայաստան: Գիրքին տեսական-քննադատական շարք մը յօդուածներուն մէջ Եսայեան բացառիկ նուրբ նկատառումներ ու դիտողութիւններ ունի պրոլետարական (բանուորական) գրականութեան առանձնայատկութիւններու նկատմամբ: Ան կ’երթայ այնքան առաջ իր համոզումներուն մէջ, որ Սովետական Միութիւնը կը համարէ «մեր հարազատ հայրենիքը, որ ցոյց կու տայ նոր կարգերու արդարացիութինն ու նպատակներու վեհութիւնը»: