Հեղինակը ՝ Յարութիւն Պէրպէրեան ծնած է 1951-ին, Հալէպ: Ուսումը ստացած է Պէյրութ, երկրորդական՝ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճ, բարձրագոյն՝ Հայկազեան Համալսարան: Կենսագրութիւն Գրած է կանուխէն, բանաստեղծութիւններ եւ գրական-վերլուծական փորձեր՝ գրական մամուլի մէջ (յատկապէս՝ Բագին գրական ամսաթերեի, որու խմբագրութեան մէջ աշխատած է տասնամեակ մը աւելի: • Քերթուածներու առաջին ժողովածուն է «Կորիզ»-ը 1979: • 1980-ական թուականներուն փոխադրուած է Քանատա՝ ուր կը դառնայ հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ, Մոնթրէալի Սբ. Յակոբ վարժարանի մէջ: