Արեւմտահայ գրող Գրած է զուարթամիտ պատմութիւններ երեխաներու համար. նաեւ ունի soundcloud-ի վրայ պատմուածքներ, հասանելի՝ anahid sarkissian/ parev arev հրատարակչութեամբ։
Պատկերազարդ հաճելի պատմութիւն ծերուկ մարդու մը մասին որ կ՛ապրի մինակ «Պարոն Նիկողոս շա՜տ ծեր էր. ե՞րբ ծներ էր, քանի՞ տարեկան էր, ինք նոյնիսկ չէր գիտեր։» Այսպէս կը սկսի հէքեաթը մեծահասակները երբ երեխաներուն կարդան՝ իրենք ալ կը զուարճանան ու չեն ձանձրանար։