Այս թատերախաղը պատահմամբ գտայ եւ ինչքա՛ն ուրախ եմ որ աչքիս առջեւէն անցաւ։ Երկու մեծմամաներուս, հօրս եւ եղբօրս ալ մէկ-մէկիկ բարձրաձայն կարդացի, եւ ամէն մարդ շատ խնդաց։ (Գիտցէք բայց որ անգլերէն չխօսողը եւ թրքերէն չխօսողն ալ բառարանի մը պէտք պիտի ունենան…) Հետքաքրքրական պատուհան մըն է այդ առաջին (հիմա մահացած - Աստուած հոգիները լուսաւորէ) սերունդին մտածողութեան եւ առօրեայ կեանքերուն։ Լսած եմ որ իր ժամանակին, շատ յաջող էր։ Երանի ողջ ըլլայի որ բեմին վրայ տեսնեմ։
Տիպարներն ալ շատ խնդալիք են- Life Insurance ծախողը որ նաեւ washing machine կը ծախէ, Հեղինա Մայրիկը իր տարօրինակ գիւղական դեղերով, Կըլկըլ Մարգարը, իսկ Ալթըփարմաքեանները, որոնց շուրջ ամբողջ պատմութիւնը կը դառնայ։
Հաճի (Գարեգին) Ալթըփարմաքեանը դժուար մարդ մըն է, բայց փորձած է իր զաւակները մեծցնել դասական իր արժէքներով։ ՍԱԿԱՅՆ, աղջիկը գնաց եւ «փի՛ս Irish մը առաւ»։ Ինչ աղէտ Բեբրոնին (Տիկին Ալթըփարմաքեանին) բառերով՝ «Արար աշխարհի առջեւ ռէզիլ եղանք»… «թող չէօփճի առներ թէք հայ առներ»։
Դժբախտաբար Ալթըփարմաքեաններուն խնդիրները իրենց աղջիկով չեն սկսած, եւ չեն ալ վերջանար… Ժիրայրը որ կ՚ուզէ «Jerry» կոչուիլ, Navy-ն կ՚ուզէ մտնալ։ Բայն Հաճիին յոյս ունի դեռ որ այս պատերազմը շուտով պիտի վերջանայ որ համոզէ իր հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամները որ կ՚արժէր Jerry/Ժիրայրը Փարիզ ղրկել։ Հոնտեղ իրեն մարդ կ՚ընեն, եւ այս ձուլուող, անգլերէն խօսող, zoot suit հագող սերունդնին փրկող մտաւորականներուն մէկը կ՚ըլլար…
Բայց նախ պէտք է ակումբը երթայ ձեռք մը փինաքըլ խաղալու։ Վերադարձածին պէս Բեբրոնը պէտք է ընթրիքը եփած ըլլայ։