Ոսպնեակ Quotes

Rate this book
Clear rating
Ոսպնեակ Ոսպնեակ by Յարութիւն Պէրպէրեան
4 ratings, 5.00 average rating, 0 reviews
Ոսպնեակ Quotes Showing 1-1 of 1
“Մահը հարիւր ձեւերով
Կը ծաղկի արդէն

Մահը հարիւր ձեւերով
մեր շուրջ արդէն կը ծաղկի՝
օրինաչափ մեր քայլերէն,
չոռոգուած եւ լոյսէ հեռու
ձգտումներէն նիհարկեկ,
ապրումներու
ներմուծումէն մաքսանենգ:

Մահը մեր շուրջ կը ծաղկի
ջերմանոցային առօրեային մէջ,
ուր զուր կը փորձենք
պաշտպանուիլ ցուրտէն
եւ ջերմութեան
կաթիլները ամբարել՝
արուեստական մեր կեցութեան մէջ…

Մահը արդէն կը ծաղկի
եւ թակարդին մէջ անոր
ամէն վայրկեան կը սահինք:
….”
Յարութիւն Պէրպէրեան, Ոսպնեակ
tags: մահ